Աղբիւր՝ www.aztagdaily.com

 

«Գանձասար» կը հաղորդէ, թէ շաբաթ, 16 յունուար 2016-ին, յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, Հալէպի «Նոր Սերունդ» մշակութային միութեան կեդրոնի, ՀՄԸՄ-ի ընտանեկան պարտէզի թաղերը զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն կողմէ մօտաւորապէս կէս ժամ ենթարկուեցան հրթիռակոծման, որուն պատճառով արձանագրուեցան 4 զոհ, աւելի քան 35 վիրաւոր եւ նիւթական մեծ վնասներ, փուլ եկան բնակարաններ:

Նոյն ժամերուն հրթիռակոծուեցան նաեւ Պուսթան ալ Զահրաա եւ Օկարիթ շրջանները:

***

ՀԱԼԷՊԻ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԷՄՄԱՆՈՒԷԼ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՆԹԱՐԿՈՒԵՑԱՒ ՀՐԹԻՌԱԿՈԾՄԱՆ

Կիրակի, 17 յունուար 2016-ին, զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ հրթիռ մը արձակուած է Հայ աւետարանական Էմմանուէլ եկեղեցւոյ վրայ: Հրթիռակոծումը մարդկային զոհեր չէ խլած: Կան նիւթական վնասներ: